Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Պուտինը ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփի միջուկային փորձարկումների վերսկսման վերաբերյալ հայտարարության շուրջ ստեղծված իրավիճակը լուրջ խնդիր է անվանել։ Ավելի վաղ Թրամփը հայտարարել էր, որ հրամայել է միջուկային զենքի փորձարկումներն անցկացնել «հավասար հիմունքներով» այն երկրների հետ, որոնք ենթադրաբար միջուկային զենքի փորձարկման ծրագրեր ունեն։               
 

Սիրելի Արցախի քոյրեր եւ եղբայրներ

Սիրելի Արցախի քոյրեր եւ եղբայրներ
21.09.2023 | 14:06

Սիրելի բարեկամներ

Ազգովին, շատ դժուար օրերու մէջ ենք։ Ճնշուած, հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս բեռնաւորուած՝երբ յոյսի նշոյլներ շատ չեն երեւնար ազգային մեր կեանքի ներկայի եւ երեւի մօտակայ հորիզոնէն անդին։ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կրած տառապանքը մեծ է։ Բաւարար է նայիլ նկարներուն, մանուկներուն արցունքներուն եւ իրենց անմեղ աչքերուն եւ չի յուզուիլ...։ Ու տակաւին տագնապիլ...։

Այսօր, «ինչու» հարցումը պատասխան չունի։ Թէ «ինչու՞» այսպէս եղաւ...։ Մեղադրանքներու տարափն ալ իր օգտակարութիւնը չունի...։ Թէ ինչու՞ այսպէս ըրին-ըրինք կամ այլ...։

Այսօրուայ գլխաւոր հարցումը որ պիտի ուղենք։ «Ինչ՞ պիտի ընենք»։ «Ինչ՞ պիտի ընենք» այսօր՝որպէսզի կարենանք դիմագրաւել ազգային այս մեծ աղէտը՝ցեղասպանութիւնը՝որ կը կատարուի մեր Արցախի ժողովուրդին վրայ։

Եւ «ինչ պիտի ընենք»։ ՄԻԱՍԻՆ։ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։ Հարցումը փոխենք սիրելիներ։ «Ինչուն» պատասխան չունի։ «Ինչ պիտի ընենք» եւ ՄԻԱՍԻՆ, կրնայ պատասխաններ եւ լուծումներ բերել։

Սիրելի Արցախի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Կը շարունակեմ աղօթել ձեզի համար։ ՀԱՒԱՏՔԸ ամուր պահենք։ Կայ Աստուածաշունչի իրականութիւնը թէ, «հաւատքը կրնայ լեռները շարժել»...։ Եւ աղօթքիս կը միացնեմ իմ պատրաստակամութիւնը օժանդակելու հարցումին որ պէտք է ուղենք...։

«Ինչ պիտի ընենք»... ՄԻԱՍԻՆ...

Աստուած Օգնական եւ Պահապան մեր Արցախի քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ համայն մեր հայ ժողովուրդին։

Ձեզի հետ ենք՝Արցախի քոյրեր եւ եղբայրներ։

Դոկտ. Հրայր ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ, Սեպտեմբեր 21, 2023

Դիտվել է՝ 3530

Մեկնաբանություններ